Զմմառու Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքին Մեծաւոր՝ Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, իր պաշտօնական անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց Հայաստան, Շաբաթ 18 Օգոստոսէն մինչեւ Ուրբաթ 24 Օգոստոս, ընկերակցութեամբ գերապատիւ
Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանի: Մեծաւոր Հայրը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին,Երեքշաբթի 21 օգոստոսին, կէսօրուայ ժամը 1:30-ին:Այս այցելութեան նպատակն էր աւելի մօտէն ծանօթանալ իրարու՝ ի սպաս Հայ Եկեղեցւոյ միութեան: Գերապայծառ Մուրատեանը բաց հրաւէրով մը փափաք յայտնեց Վեհափառին որ Զմմառու վանքն այցելէ, եւ անոր նուիրեց Զմմառու Տիրամօր արծաթեայ պատկերն ու վանքիս 250-ամեակի նուիրուած ոսկեայ մետալը: Վեհափառ Հայրապետն ալ իր կարգին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արծաթեայ պատկերը նուիրեց Գերապայծառին: Գերապայծառ Հայրը ընկերակցութեամբ Գերապայծառ Հայր Ռաֆայէլ Եպս. Մինասեանը եւ Գերապատիւ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանի, այցելեց Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանին, որ յատուկէն անդրադարձաւ Զմմառու վանքին մասին, ըսելով. «Ինծի համար Զմմառը դարձաւ այն վայրը ու Իմ սրտիս մէկ կտորը թողեցի եկայ, որովհետեւ հայկականութեամբ է լեցուած: Անոնք որոնք Զմմառու մասին քիչ գիտեն, հայկականութեան մասին քիչ գիտեն: Առաջին հերթին պէտք է մտածել Զմմառը հանրահռչակել»: Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանը պաշտօնապէս հրաւիրեց նախարարուհին, հովանաւորելու Զմմառու վանքի մշակոյթի կեդրոնի եւ Մատենադարանի վերաբացման հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ Հայկական ձեռագիրներու եւ Հնատիպ Գիրքերու ցուցահանդէսին: Տիկ. Յակոբեանը մեծ ուրախութեամբ ընդունեց հովանաւորել այս ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ մօտիկ ապագային համար մշակելիք ծրագիրներ առաջարկեց, որպէսզի Զմմառու Միաբանութեան ներկայութիւնը աւելի շօշափելի դառնայ Հայաստանի մէջ: Գերապայծառ Հայրը այցելեց նաեւ Մատենադարանը և հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր եւ մշակութային կառոյցները: