Կիրակի 6 Նոյեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Փոխանորդ և Մեծաւոր Զմմառու Վանքին, Գերապծ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Սուրբ և անմահ պատարագ մատոյց ի ներկայութեան նորընտիր վարչական Հայրերուն: Սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցան կարգ մը կարեւոր անձնաւորութիւններ եւ հաւատացելոց հոծ բազմութիւն մը՝ ընտանեկան պարագաներ, բարեկամներ և պաշտօնէութիւն: Յաւարտ Ս. Պատարագին բոլոր հիւրերը շնորհաւորեցին նորընտիր Մեծաւորին և Վարչութեան վանքի դահլիճին մէջ: