Վերականգնող Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան:
Աբրահամ Արծիւեան ծնաւ Անթապ: Կաթողիկէ քարոզիչ Մելքոն վրդ. Թազպազեանին աշակերտելէ ետք, հոգեւոր ասպարէզին նուիրուելով՝ մտաւ Սսոյ Պետրոս Բ. Կաթողիկոսին ծառայութեան մէջ, որ զինք վարդապետական աստիճանի բարձրացուց, ապա Հալէպի Եպիսկոպոս ձեռնադրեց 1710-ին:
1714-ին, Հայ կաթողիկէները Պոլսոյ մէջ ռժողով կը գումարեն ու կ'որոշեն անկախ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի մը հիմնել եւ Մարտինի Մելքոն Եպս. Թազպանեանը առաջին Պատրիարք կը նշանակեն:
Արծիւեան, 17 տարեկան Քրէյմ մնալով, իր այս կամաւոր բանտարկութեան շրջանին, կը հիմնէ Անտոնեան Հայ Միաբանութիւնը, կը կառուցանէ վանքին եկեղեցին, միանգամայն հեռուէն հովուելով Հալէպի Հայ կաթողիկէ իր ժողովուրդը, իր տեղապահ Յակոբ Վրդ. Յովսէփեանին միջոցով:
Հալէպի հայ կաթողիկէները, 1738-ին եկեղեցի մը ձեռք կը ձգեն ու Արծիւեանը Հալէպ վերադարձնելու արտօնագիրն ալ կը հանեն (1739): Անոնք վճռած են անկախ Պատրիարքութիւն մը ունենալ, յանձին իրենց Եպիսկոպոսին, որ Հալէպ հասնելով, յոյն կաթողիկէ եպիսկոպոսներու օժանդակութեամբ, իր փոխանորդ Յակոբ վրդ. ու երկու ուրիշ հոգեւորականներ եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ:
Պատրիարքական ընտրութիւնը վաւերացնելու համար, Արծիւեան Հռոմ կը մեկնի, ներկայանալու Բենեդիկտոս ԺԴ. Պապին:
Վտարուած Լիբանանի Լեռներուն մէկ խոր անկիւնը, իր շուրջ ունենալով միայն 6 Եպիսկոպոս ու 22 անտոնեան հայ կրօնաւորներ, ան պիտի պայքարէր իրեն յանձնուած առաքելութիւնը կատարելու: Հալածանքներէ հիւծած ու օսմանեան բանտերէն մաշած, ան մեկնեցաւ հանգչիլ իր Տիրոջ մօտ, Յակոբ Եպս. Յովսէփեանը իր յաջորդը նկատելէ ետք: