Զմմառու վանքը կը հրապուրէ նաեւ մեր երիտասարդները, որոնք ամառ թէ ձմեռ հերթաբար Զմմառ կը բարձրանան հոգեպէս կազդուրուելու եւ
վերանորոգուելու համար հոն տիրող անդորր մթնոլորտին մէջ, շրջապատուած կանաչազարդ դաշտերով եւ անտառներով: Նմանապէս ՀԿՄ Պատանեկանը ամառ թէ՛ ձմեռ բանակումներ կը կատարէ Զմմառի հովանիին ներքեւ: Վանաբնակ վարդապետները ժառանգաւորներուն հետ օգտակար կ'ըլլան անոնց՝ Ս. Պատարագ մատուցանելով, հոգեւոր զրոյցներով և դասախօսութիւններով: Փոխադարձաբար ՀԿՄ –ի երիտասարդները պատրաստ կը գտնուին օժանդակելու վանքի բոլոր ձեռնարկներուն, մանաւանդ՝ ուխտագնացութեան օրերուն:
http://www.bzommarvank.com/hospitality/383-2016-10-04-11-28-46#sigFreeIdbc6ee4ffb7