Կոչումը Աստուծոյ կողմէն տրուած շնորհք մըն է մարդ արարածին: Կոչումը բազմատեսակ է, ինչպէս՝ Քահանայ ըլլալու կոչում, բժիշկ ըլլալու
կոչում, եւլն: Սակայն, բոլոր կոչումներուն գերագոյնը՝ քահանայական կոչումն է, որուն համար մարդ արարածը որքան ալ շնորհակալութիւն յայտնէ Աստուծոյ, ինքզինք տակաւին անարժան կը զգայ: Պէտք է ընդառաջել այդ սուրբ կանչին ամբողջ էութեամբ և հետեւելիլ Քրիստոսի:
Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, հաւատացեալները՝ Քրիստոսի հօտն են, եկեղեցական կոչումը՝ ի վերուստ տրուած պարգեւ է: Հարկ է ջերմ աղօթքով հայցել այդ պարգեւը, որպէսզի Տէրը շնորհէ զայն աստուածասէր և եռանդոտ պատանիներու և երիտասարդներու:
Բոլոր քահանաները, թիկունք կանգնելու համար կոչումներուն, պարտին օրինակ ըլլալ իրենց առաքելական եռանդով, իրենց խոնարհ, ժրաջան և զուարթ անհատական կեանքով, ինչպէս նաեւ իրենց փոխադարձ յարգանքով, սիրով և եղբայրական համագործակցութեամբ ու այսպէս՝ բանան սրտերը պատանիներուն և երիտասարդներուն և զանոնք դէպի քահանայութիւն ուղղեն:
Եպիսկոպոսները եւս պարտին քաջալերել հաւատացեալները կոչումներ յարուցանելու հարցով:
Ամէնէն ազդու միջոց կը հանդիսանայ յատկապէս աղօթքը և «Կոչումի Օր»-ը, ինչպէս նաեւ կրթական հաստատութիւններուն մէջ՝ կրօնուսուցումը (Հմտ. Վատիկանի Բ. Ժող. Վճիռ այնքան բաղձալի, 2):
Կոչում արծարծելու առաջին խթանը՝ ծնողներն են: Ապա՝ մեր վարժարանները. Հոն ուր վարժարան չունինք, կոչում չունինք: Մեր կոչումները մեծամասնութիւնը քաղած ենք մեր վարժարաններուն մէջէն:
Եկեղեցական կոչեցեալները պարտին ունենալ յստակ տեսութիւնը, թէ իրենք ընտրեալներ են ոչ թէ մարդկային և եկեղեցական իշխանութիւններէն, այլ կոչեցեալներ են ի վերուստ, ընտրեալներ են նոյնինքն Քրիստոսէն:
Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան անդամներու պատրաստութիւնը
Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան անդամները սահմանուած են առաքելութեան իրենց անշեղ նպատակով:
Վաղուան միաբաններուն մէջ յարուցանելու և ամրացնելու ենք տրամադրութիւնը և սիրայօժար պատրաստակամութիւնը ըլլալու և մնալու հաւատարիմ իրենց ծխական և հովուական պարտականութիւններուն ի սպաս իրենց վստահուելիք հաւատացեալներուն: Այսպէս է որ անոնց եռանդոտ նուիրումը հաւատացեալներուն բարիքին հանդէպ, պիտի դառնայ մեծաբարբառ վկայութիւն մը եկեղեցւոյ սիրոյն և Աստուծոյ ժողովուրդին հանդէպ:
Այս տեսութեամբ իրենց կոչումին, անոնք պարտին թափ տալ իրենց աշխատանքին պայծառ յաջողութեամբ պսակելու համար իրենց ուսումներն իմաստասիրութեան և աստուածաբանութեան: