Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին համաձայն՝ Կիրակի 19 Նոյեմբեր 2017, Յիսնակաց առաջին օրն է: Յիսնակը յիսուն օրերու ժամանակաշրջան մըն է, որ կը կանխէ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծնունդը: Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան և Աստուածայայտնութեան տօնը կանխող յիսուն օրերու այս շրջանը, Հայ Տօնացոյցը որպէս յիսնակ արձանագրած է: Անցեալին Յիսնակին շրջանը Մեծ Պահոց նման յիսուն օրերու պահեցողութեան շրջան մըն էր ի պատրաստութիւն սուրբ Ծննդեան և Աստուածայայտնութեան տօներուն: Իսկ ներկայիս մինչեւ Ս. Ծնունդ պահեցողութեան օրեր սահմանուած են Չորեքշաբթին և Ուրբաթը և երեք շաբաթապահքերը: Յիսնակին առաջին շաբաթը «Յիսնակի պահք» անունով կը կոչուի: Երկրորդ շաբաթը՝ ձմեռնամուտի շաբաթապահքն է, որ հաւատացեալներուն կողմէ անուանակոչուած է Ս. Յակոբի շաբաթապահք: Իսկ երրորդ շաբաթը՝ Ս. Ծննդեան և Աստուածայայտնութեան տօնը կանխող օրերն է:
Սկզբնական շրջաններուն քրիստոնեաները ունեցած են երկու կարեւոր տօներ՝ Տօն Յայտնութեան Քրիստոսի, այսինքն Ծնունդը, և Զատիկը՝ Քրիստոսի Յարութեան տօնը: 451 թուին Քաղկեդոնի ժողովի ընթացքին՝ Հռոմի եկեղեցին Դեկտեմբեր 25-ը որոշեց Յիսուսի Ծննդեան օր, իսկ Յունուար 6-ը Յիսուսի Մկրտութեան տօնը:
Ս. Ծննդեան նախորդող օրը կը կոչուի Ճրագալոյց, որ կը նշանակէ ճրագ վառել, մոմ վառել: Կարեւոր և մեծ տօներու առթիւ՝ սովորութիւն էր եկեղեցւոյ կանթեղները վառել և ներկաններուն մոմ բաժնել՝ վառելու համար: Հայ Եկեղեցին տարուան մէջ միայն երկու անգամ երեկոյեան Ս. Պատարագ կը մատուցանէ՝ Ս. Ծննդեան և Ս. Զատկուայ ճրագալոյցներուն: Ծննդեան ճրագալոյցի երեկոն կը կոչուի նաեւ խթում, որ կարելի է ուտիքի նախատօնակը համարել: Նոյն օրը երեկոյեան՝ Միաբանութիւնը և դպրեվանքի աշակերտութիւնը և անոնց հարազատները միասին ընթրեն դպրեվանքի սեղանատունը, տօնական ջերմ մթնոլորտի մէջ: Դեկտեմբեր 25-ին, Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը մեծահանդէս արարողութեամբ կը տօնախմբուի ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ: Հայոց մօտ Ս. Ծննդեան գլխաւոր շարականն է «Խորհուրդ Մեծ և Սքանչելին որ այսօր յայտնուեցաւ, հովիւները կ'երգեն զուարթուններուն հետ, Աւետիս տալով աշխարհին: Ծնաւ նոր Արքայ Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ, մարդու որդիներ օրհնեցէք, որովհետեւ մեզի համար մարդացաւ»: Իսկ Յունուար 6-ին, Յիսուսի Աստուածայայտնութեան Տօնին, պատարագէն անմիջապէս ետք կը կատարուի Ջրօրհնէք, ի յիշատակ Յիսուսի մկրտութեան: Տեղ-տեղ սովորութիւն կայ Ջրօրհնէքը գետի կամ լիճի ափին կատարել, ինչ որ աւելի տարածուած սովորութիւն մըն է Յունաց մէջ: Իսկ Հայոց մօտ, նոյն առթիւ՝Ջրօրհնէքը եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի: